dinsdag 1 juli 2014

ՍԻԱՄԱՆԹՈ (1878 - 1915)

ՍԻԱՄԱՆԹՈ (1878 - 1915)
ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ԱՌ ԴԻՑՈՒՀԻՆ ԱՆԱՀԻՏ
Ո՜վ Դիցուհի, ես մեղկութեան կրօններէն ահա իմ խիղճս լուացի...
Ու պերճօրէն դէպի զՔեզ կը քալեմ։ Հողաթափներս դեռ սուրբ են։
Բաց մարմար դուռը մեհեանիդ, անոր դիմաց ես ճակատդ թող արիւնեմ...
Բա՛ց բագինըդ եւ տուր ինծի շէկ զօրութիւնը Արտաշիսեան նախնիքներուս...։

Լսէ՛ ինծի, Ոսկեղեն մա՛յր, Քո՛յր արգաւանդ, քո՛յր բարութեան,
Առատութեւանց պարգեւիչ եւ Տիրուհիդ հին հայոց,
Նաւասարդի առաւօտով Քու նախկին ցեղդ ահաւասիկ կը ցնծա՜յ...
Թոյլ տուր որ ես, ծնրադիր՛ ձեւիդ աչջեւ աղօթեմ...։
Լսէ՛ ինծի Հրաշքի՛ Վարդ, ոսկի ոտքով աստուածուհի,
Գիշերային սպիտակ Հարս եւ Տարփուհիդ Արեգական
Եւ լուսամարմին մերկութիւն Արամազդեան Առագաստի,
Արեւն իր մէկ ճառագայթով թո՛ղ քու բագինդ դարձեալ վառէ...։
Կը հաւատամ ես ի Քեզ։ Բագրեվանդեան բլուրներուն վրայ կանգուն,
Ե՛ս բազմադարեան դիցապաշտ եւ նիզակազէն քու որդիդ,
Իբր առաքեալ եւ խնդրարկու Քեզի կուգամ վեհօրէն,-
Լսէ՛ ինծի, Հայկեան բամբիռս ողթան հողէն է ծներ...
Ուխտի կու գամ։ Քղամիտ մը հասակէս վար եւ բարսամունքի դալար ոստեր ի ձեռիս,
Ահավասիկ արծաթ ցնցուղ մը վարդահիւթով՛ ստինքներդ օծելու...
Ահավասիկ խնկաման մը սափորաձեւ, ուր կործանոումդ իմ արցունքովս ես լացի...
Ու ստուերիս հետեվող եղնիկներով նուիրական՛ Քեզ կը քալեմ...։
Բագրեւանդեան բլուրներէն հեթանոս կեանքը հոսի,
Արեւորդիք գեղահասակ, բեհեզներով պարեգօտուած,
Աղեղներու, նիզակներու եւ նետերու վարժէն յետոյ, զոհարանիդ սեմին վրայ
Յաղթ ցուլերու պարանոցին իրենց սուրերը թող՛ սեւեռէն...
Թող՛ պտղաւորեալ հայ հարսներուն ուսերէն յստակ տարմը տատրակներուն
Դէպի անդրիդ թռիչք առնեն։ Վարդավառի ջրախաղերը թող բացուի՜ն...
Եւ վեշտասնամեա աղջիկներ բագինիդ շուրջ պարի ելած,
Իրենց մարմինը մոգական, ո՜վ զգաստութեանց Տիրամայր, թող քե՛զ բաշխեն...
Քսան դարու Քու վրէժդ թո՛ղ որ այսօր ես լուծեմ,
Ո՛վ աստուածուհիդ Անահիտ։ Ահավասիկ քու բագինիդ կրակներուն մէջ նետեցի
Իմ խորտակուած խաչափայտիս թեւերը թունավոր,
Եւ ցնծա՛ դուն, ո՛վ Ոսկեմայր, Լուսավորչի կողերէն, ժանտ ոսկոր մը քեզ կը ծխեմ...։
Կը պաղատիմ ես Քեզի, ո՛վ զօրութեանց Դուն աներկրորդ գեղեցկութիւն...
Դուն քու մարմնինդ արեգակին ընծայելով՛ բեղմնաւորուէ անոր տարրէն
Եւ անյաղթելի ահեղ Աստուած մը պարգեվէ դուն Հայութեան...
Քու ադամանդեայ արգանդէդ, ո՛վ Դիցուհի, ահեղ Աստուած մը ծնանէ՛ մեզ...

Geen opmerkingen:

Een reactie posten