dinsdag 3 september 2013

ԱՆԱՀԻՏ

Խոտին մէջ թաղուած բագինդ: Չեն ծխար
Խունկերն անուշ, զոհն այնտեղ չի՛ արիւնիր:
Կու գայ լոկ բոյր մը յամպար
Խորխի՝ զոր հոն թողեր է օձ մը կարմիր:

Հոն կը նստիմ, խո՛նջ ուղեւոր: Զիս կ՚արծի,
Եւ Վահագնի զամբկին կարծես հոտն առած՝
Կըտղուցէն խոլ կը խանձի:
Բայց արեւէն մեզ չի գար ոչ մէկ աստուած:

Անհետացան անդարձ խորերն անտառին
Քուրմերը լայն թեզանիքով: Չի՛ երգեր
Ծիծերըդ՝ վինը Վրոյրին:
Բագինիդ շուրջ կը հեծկըլտան եղէգներ:

Չես հանգրըճեր պատմուճանդ ալ. ո՛չ մէկ վիթ
Նիզակահար՝ կը ներկէ ծունկդ արիւնով:
Թանգարանին մէջ անդրիդ
Կը տաղտկանա, եւ չի՛ պսակուիր գարունով:

Բայց դուն կ՚ապրիս, պիտի ապրիս յաւիտեան,
Ո՛չ երկրիս վրայ, երկինքի՛ն մէջ, Անահի՛տ:
Ահա կ՚ծագի լուսընկան,
Եվ կը ծագիս դարձեալ՝ մահիկը ճակտիդ:

Քեզ կը տեսնեմ աստղերուն մոտ: Ծիծերէդ
Լոյս կը հոսի աղբիւրին մէջ՝ ուրկէ խմող
Եղնիկին դունչը նամէտ
Եվ եղ’իւրները կ՚օծանուին ոսկեշող:

Վա՛ր կը նայիս.— օրիորդները վարար
Կը զգաստանան. գինիին տաշտը կ՚իյնայ
Բագոսուհւոյն ուսէն վար:
Կ՚աղոթէ կոյսը ծնրադիր մահճին վրայ:

Կապարճդ ուսիդ, լարած աղեղդ լայնշի՝
կը վարես սայլը լուսնակին լռելյայն...
Կեանքն անտառին կը շարժի.—
Ձեռքիդ չահէն վախցած՝ գայլերը կ՚ոռնան:

Կ՚երազէ դաշտն.— ու կոկոնները վարդին,
Բըքիններուդ խայթին ներքեւ, մի առ մի,
Բերանիդ պէս կը բացվին:
Կ՚եռայ ավիշն այգիին մէջ վաղեմի:

Կ՚հոսես ծիծերդ, կ՚անցնիս կ՚երթաս,— բայց մարդիկ
Չե՜ն պաշտեր քեզ. տա՛րըր մը սոսկ կ՚ընդունին:
Քանդած են հովն ու ալիք
Մեհյա՛նդ իսկ Քերսոնեսի աբունքին:

Միայն, գիշերն, որսական շունըդ լըքված
Կը տեսնէ վերն անցքըդ, մահիկը ճակտիդ,
Ու բագինիդ վրայ նստած՝
Կը նայի քեզ եւ կու լայ, ո՛ Անահիտ:

Դանիէլ Վարուժան